2014-12-05 10:11:38

Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսայի յիսնակաց շրջանի առաջին քարոզը` ''Իմ Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի'' (Յովհ. ԺԴ. 27)


(Ռ.Վ. 5 դեկտեմբեր 2014) - ''Իմ Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի'' (Յովհ. ԺԴ. 27). Յովհաննէսի Աւետարանէն առնուած Քրիստոսի այս խօսքով Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսա, քահանայապետական տան քարոզիչը՝ տուաւ Ս. Ծննդեան պատրաստութեան առաջին քարոզը։
Քարոզին հիմնական նիւթն էր Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդի մէջ խարսխուած ''խաղաղութիւնը'', որ ոչ միայն իրավիճակ մը պէտք է ըլլայ մարդկային յարաբերութիւններու մէջ, այլ նախ եւ առաւել եւս՝ Աստուած-մարդ յարաբերութեան մէջ։ Որովհետեւ Աստուած ինքն է խաղաղութիւնը եւ մեր խաղաղութիւնը կու գայ Աստուծմէ իբր պարգեւ՝ Յիսուս Քրիստոսի խաչի զոհով, Ինչպէս Պօղոս Առաքեալ Հռովմայեցիներու ուղղուած նամակին մէջ կը գրէ՝ ''Հաւատքով արդարացած խաղաղութիւնն ունինք Աստուծոյ հետ՝ մեր Տէր Յիսուս Քրսիտոսով։'' (Հռոմ Ե. 1)
Առաւել եւս՝ ''Քրիստոս ինքնին խաղաղութիւնն է'' (Եփես Բ. 14) ինչպէս կը հաստատէ դարձեալ Պօղոս Առաքեալ Եփեսացիներու ուղղուած նամակին մէջ։ Քրիստոս զոհն է, որ կը մատուցուի խորանի վրայ Ս. Պատարագի ընթացքին բերելով մեզի Աստուծոյ խաղաղութիւնը։
Քրիստոս իր յարութենէն վերջ երբ առաքեալներուն կ'երեւի, անոնց կը խօսի ըսելով՝ ''Խաղաղութիւն ձեզի'' աւելցնելով ''առէք Սուրբ Հոգին։'' (Յովհ Ի. 22)
Այսպէս Քրիստոս Աստուծոյ խաղաղութիւնը կը փոխանցէ մեզի՝ տալով մեզի Սուրբ Հոգին։
Ծնունդի պատրաստութեան շրջանը մեզ կը յորդորէ դառնալու առ Աստուած, մօտենալու իրեն իբր Հայր եւ ընդունելու թողութիւն եւ խաղաղութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.